2016-06-20 09:32:00

«Պրեքզիթ»-ին դէմ եղողները` դարձեալ յառաջատար դիրքի վրայ


Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հինգշաբթի օր նախատեսուած հանրաքուէին նախօրեակին երկու հարցախոյզներու շաբաթ օր հրապարակուած արդիւնքները ցոյց տուին, որ անդամակցութեան կողմնակիցները վերստին տիրացած են յառաջատարի դիրքին: Երրորդ հարցախոյզի մը արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ քուէարկողներուն զօրակցութեան համեմատութիւնը կ՛ընթանայ ի նպաստ անդամակցութեան պահպանման զօրակցող ճամբարին:

«ԵուԿով»-ի` «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին համար կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ անդամակցութեան զօրակցողներուն համեմատութիւնը 44 առ հարիւր է, իսկ դէմ եղողներունը` 43 առ հարիւր: «Սըրվէյշըն» ընկերութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ անդամակցութեան զօրակցողները երեք կէտով կը գերազանցեն անդամակցութեան դէմ եղողները: «Օփինիում»-ի երեքշաբթի-ուրբաթ օրերուն կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ երկու ճամբարներու զօրակցութեան համեմատութիւնը հաւասար է:

Նախորդ հարցախոյզները ցոյց կու տային, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ին աջակցողները կը գերազանցեն երկրին վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի ղեկավարութեամբ անդամակցութեան պահպանման զօրակցողները:

Երէկ քարոզարշաւը դարձեալ ընթացք առաւ: Քամերոն ապահովեց «Մէյլ» օրաթերթի աջակցութիւնը, իսկ «Սանտէյ Թայմզ» իր ընթերցողներուն կոչ ուղղեց անդամակցութեան դէմ քուէարկելու: Քարոզարշաւը ընդհատուած էր Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան եւ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պահպանման բուռն պաշտպան Ճօ Քոքսի սպանութեան պատճառով:

Քոքսի սպանութեամբ ամբաստանուած 52-ամեայ մարդը` Թոմաս Մեր շաբաթ օր դատավարութեան ընթացքին դատաւորին իր անունը յայտնելու փոխարէն ըսաւ. «Մա՛հ դաւաճաններուն, ազատութի՛ւն Բրիտանիոյ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.